Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Նորածիններուն Ամէնէն Շատ Տրուող Անուններն են Դաւիթն ու Մարին

Այս տարի նորածիններուն աւելի  յաճախ տրուող անուններն են տղաներու պարագային Դաւիթ, աղջիկներուն՝ Մարի:

Ըստ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան միասնական վիճակագրական շտեմարանին, 216 տղու տրուած է Դաւիթ անունը, 177 տղու` Նարեկ, 131 տղու` Հայկ, որոնց կը յաջորդեն Գոռ եւ Տիգրան անունները:

Աղջիկներու պարագային ամէնէն շատ տարածուած անունը Մարի է, որ  տրուած է 163 երեխայի, չնչին տարբերութեամբ կը յաջորդէ Մարիան, որով կնքուած է 162 երեխայ, 161 երեխայի ալ տրուած է Մանէ անունը։ Անոնց կը յաջորդեն Նարէն, Մարիամը:

ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան միասնական վիճակագրական շտեմարանի տուեալներով այս տարի հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է 7 հազար 720 կենդանի ծնունդ` ըստ ծննդեան վայրի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին