Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Նախաստորագրուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ 21 Մարտին նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան, Ռուսիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ, շրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի հարցերով տնօրէն Լիւք Տեւինը եւ  Եւրոպական յանձնաժողովի առեւտուրի գլխաւոր տնօրէնութեան ստորաբաժանման ղեկավար Փեթրոս Սուրմելիսը:

Նախարար Նալպանտեան ողջունեց Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը նախաստորագրելու նպատակով Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաներու այցելութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ փաստաթուղթը նոր էջ կը բանայ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

Էդուարդ Նալպանտեան շեշտեց, որ համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի այս տարուան ընթացքին եւ աւելցուց, որ անիկա կ’արտացոլէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու խորութիւնը, մակարդակը եւ ծաւալը: Արտաքին գործոց նախարարը  ընդգծեց, որ փաստաթուղթով կը շեշտուի այն կարեւորութիւնը, որ Հայաստանը կու տայ Եւրոպական Միութեան հետ իր համագործակցութեան:

Հանդիպումին յաջորդեց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան անունով համաձայնագիրը նախաստորագրեցին գլխաւոր բանակցող, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեան, ինչպէս նաեւ առեւտրական հարցերու բանակցող, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու  նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան: Եւրոպական Միութեան անունով նախաստորագրեցին գլխաւոր բանակցող, Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան, Ռուսիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ, շրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի հարցերով տնօրէն Լիւք Տեւին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմի առեւտուրի հարցերով բանակցող, Եւրոպական յանձնաժողովի առեւտուրի գլխաւոր տնօրէնութեան ստորաբաժանման ղեկավար Փեթրոս Սուրմելիսը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին