Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Հայաստան Իր Իւրայատուկ Տեղը Ունի ՏՃ Համաշխարհային Քարտէզին Վրայ. Սերժ Սարգսեանի Ելոյթը ԱՄԷ-ի Ներդրումային Համաժողովին

Աշխատանքային այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցած է Ապու Տապիի մէջ իրականացուող «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովին: Համաժողովը կազմակերպուած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապու Տապի էﬕրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մոհամմետ պըն Զայետ Ալ Նահեանի բարձր հովանաւորութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապի վարչութիւնը:

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի եւ Ապու Տապիի Առեւտուրի պալատին կազմակերպած համաժողովը նպատակ ունի խթանելու Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու տնտեսական կապերուն աշխուժացումը, գործարարներու միջեւ շփումները, ներկայացնելու Հայաստանի ներդրումային միջավայրը եւ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ ներդրումային նախագիծեր: Համաժողովի շուրջ 300 մասնակիցներուն մէջ են պետական պաշտօնեաներ, հիմնադրամներու ղեկավարներ, վերազգային ընկերութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու յաջող փորձ ունեցող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:

Համաժողովին ԱՄԷ տնտեսութեան նախարար Սուլթան պըն Սայիտ Ալ Մանսուրի ողջոյնի խօսքէն ետք՝ ՀՀ Նախագահը համաժողովի հանդէս եկած է ելոյթով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին