Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Խումբ Մը Քաղաքացիներ Փորձած են «Իգլա» Տեսակի Զենիթա-հրթիռային Համալիր Բերել Հայաստան. ԱԱԾ

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը այս տարուան Մարտին նախնական տեղեկութիւններ ստացած է Հայաստանի քաղաքացիներու կողմէ Վրաստանի Հանրապետութենէն մաքսանենգ եղանակով Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու մասին:

ԱԱԾ-էն կը յայտնեն, որ ձեռնարկուած քննչական գործողութիւններու եւ հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով յայտնաբերուած եւ գրաւուած է «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիրի արձակման խողովակ` «9M39» հրթիռով:

Դէպքին առթիւ 2017-ի Մարտ 22-ին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան կողմէ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ 2-րդ մասի եւ 235.1-րդ  յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ:

Երկու անձ ձերբակալուած է:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, միջոցներ կը ձեռնարկուին զէնքի (ռազմամթերքի) ապօրինի շրջանառութեան առնչութիւն ունեցած այլ անձեր յայտնաբերելու եւ գործի համար նշանակութիւն ունեցող միւս հանգամանքները բացայայտելու ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին