*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Իբրեւ սրտի պարտք, հիացմունքի սէրս կ’ուզեմ յայտնել Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին, որուն համար Չարենց կը վկայէ.-
«Կայ Մեծարենց, կայ Տէրեան, եւ բազում ուրիշ պոէտներ կան.
Բայց-Թումանեանն է անհաս Արարատը մեր նոր քերթութեան»:
Ալ ի՛նչ կը մնայ ինծի, եթէ ոչ՝ թոթովելու հին յուշերու միջոցաւ, եւ մոմով մը փարատելու խաւարը թանձրացեալ նոր օրերու, հաւատքով, յոյսով ու սիրով որ Ան ունէր համապարփակ:
Ինչքա՜ն ցաւ եմ տեսել ես,
Նենգ ու դաւ եմ տեսել ես,
Տարել, ներել ու սիրել,
Վատը՝ լաւ եմ տեսել ես:
Տասը տարիք չունէի, «Պօղոս- Պետրոս»ի գիրքը, ան ալ պատկերազարդ ունէինք. Ինչքա՜ն յուզում: Ուզեցի գծելով կրկնօրինակը ունենալ. Ուժերէս վեր էր. խորհուրդ տրուեցաւ ու թուղթը քարիւղով օծեմ ու կը ստանամ թափանցիկ թուղթ ու… կ’ընդօրինակեմ: Այդպէս ալ եղաւ:
Դպրոց, տարիներ ու այլ պատմուածքներ, ինչպէս էր «Շունն ու Կատուն», «Գառնիկ Ախպեր», «Քաջ Նազար», «Կիկոսի Մահը» եւ ի հարկէ շարքը երկար է մանկական պատմուածքներու:
Դպրոց, աւելի բարձրագոյն դասարաններ: «Գիքորը» գիւղացի պատանի մը կը ղրկուի քաղաք, հոն կը հանդիպի բիրտ իրականութեան, առաւել՝ բնութեան ցուրտին դէմ.. անպաշտպան. հիւանդութիւն եւ… յաւիտենութիւն: Դառն առօրեան իր մահացու խօսքերով ու գործերով կը դրսեւրուի:
Տարիներու հետ հասակ առինք. «Շունն ու Կատուն» եւ այլ մանկապատանեկան պատմուածքներ մնացին ետեւ: «Անուշ»ով հիացած, բառերը արտագրեցի ու մէկ դասընկերոջս միջոցաւ գրամեքենայով տպուած ունեցայ լիովին ու յաճախ, մի քանի ընկերներով, անուշ անուշ կ’ունկնդրէինք: Անշուշտ, մեզ գրաւողը խենթ սէրն էր, ինչ որ տարիքի բերմամբ ալ՝ ցանկալի…:
Ես կ’ազատուեմ էս ցաւից,
Աչքը լալով նա մնայ…»
Եւ… առանց սիրոյ…«Աշխարհը դատարկուեց»:
Սիրոյ հետ սակայն, կար առօրեայի հրամայականը:
«Իմ ընկեր Նեսոն» ընկերային անհաւասարութեան զոհ մը:
«Քէֆ անողին քէֆ չի պակսիր» քիչ մը սփոփարար կեանքի հետ յարաբերութեան մէջ:
Վերջապէս, մեր առօրեան, եւ մարդկային փոխ-յարաբերութեան, ուր «կաթիլ մը մեղր»ը ինչպէ՜ս կը վերածուի աշխարհաւեր պատերազմի:
Առնենք «Գութանի Երգը»
Պարտքատէրը գանգատ գընաց,
Քէօխվէն կը գայ կը ծեծի,
Տէրտէրն օրհնեց, անվարձ մընաց
Կը բարկանայ, կ’անիծի:
Գիւղացիի կեանքը, որ կը շահագործուի թէ Քէօխվէի (պետական մարդոց), եւ թէ տէրտէրի (կրօնական) կողմէ:
Սակայն կեանքը միօրինակ տխրութիւն չէ, երբեմն սիրտը կ’ուզէ հովանալ, ու .-
Ա՜խ ինչ լաւ են սարի վըրայ
Անցնում օրերն, անո՜ւշ, անուշ.
Անրջայի՜ն թեթեւասա՜հ
Ամպու հովերն անո՜ւշ, անո՜ւշ:
վերածուած է երգի՝ իր եղանակաւորումով:
Առատ է բերքը.- թարգմանութիւններ, փոխադրութիւններ, պատմուածքներ, հեքիաթներ, յօդուածներ ու կեանքի մայրամուտին՝ քառեակներ:
Իր նման անձնաւորութիւն մը չէր կրնար չընդգրկուիլ ազգային հասարակական կեանքի մէջ, որ կ’արտայայտուի ե՛ւ իր յօդուածներուն ե՛ւ գործօն մասնակցութեամբ: Եւ ի հարկէ, ցաւերով պատած առօրեայ. ընդվզում անարդարութեան դէմ, ինչպէս նաեւ՝ տգիտութեան.-
«Գիտութիւն, գիտութիւն, տգիտութեան մէջ տառապում ենք: Էսքան էլ տգիտութի՜ւն, ոչ մեզանից բան գիտենք, ոչ մեր հարեւաններից, ոչ աշխարհից: Ինչի՞ն նման է (1912 Մովսէս Տէր- Մովսէսեանին):
Իբրեւ հասարակական գործիչ. «Գնացել էինք Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ կազմելու: Կազմեցինք: 80 անդամ ունի ամէն հոսանքից ու կուսակցութիւնից: Ես կարծում եմ՛, էս տեսակի կոմիտէները եթէ հիմնուեն ամէն տեղ՝ շատ կ’օգնեն գժտուած շրջանների հաշտութեանն ու համերաշխ գործակցութեանը: Եւ կուսակցական կռիւները կը մեղմանան (1921, Աւ. Իսահակեանին):
Իսկ արեւելումը.-
«Դուք գիտէք իմ հին կարծիքը, թէ էս հանգամանքներում՝ Ռուսաստանն է մեր փրկութիւնը: Եւ էս անգամ էլ, նոյնիսկ էս հարբած վիճակի մէջ, ռուսները մեզ ազատեցին վերջնական փճացումից» (1921, Արշակ Չօպանեանին)
Եւ..
Ի վերջոյ.- «Հիմի էլ եկաւ էս հիւանդութիւնս վրայ հասաւ»:
«Ինչքան ծաղիկ պիտի բուսնէր որ չբուսաւ էս հողին»
Փակենք Չարենցի վկայութեամբ.
«Մեծ էր Աւելի՝ Քան Եղաւ…»