Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Մարտ 20-ին հանդիպած է շինարարական խոշոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ` քննարկելու տեղական շինանիւթերու արտադրութեան խթանման հետ կապուած շարք մը հարցեր: Այս մասին կը հաղորդեն ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Շինարարութեան բնագաւառի պատասխանատուներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր համարած է կառուցապատման եւ բարեկարգման ծրագիրներուն մէջ տեղական շինանիւթերու օգտագործման ծաւալներու աւելացման անհրաժեշտութիւնը: Ուստի, կառավարութեան ղեկավարին համոզումով, հարկ է վերանայիլ այդ ոլորտին պետական քաղաքականութեան:
«Այսօր անհրաժեշտ է զարկ տալ տեղական շինանիւթերու արտադրման եւ կիրառման, որ ունի հասարակական-տնտեսական մեծ նշանակութիւն: Միւս կողմէն շռայլութեան հնարաւորութիւն եւ իրաւունք չունինք, առաւել եւս երբ որոշ ծրագրերու կիսատ ըլլալու պատճառներէն մէկը անտեղի սղութիւններն են»,- նկատած է վարչապետ Յարութիւնեան: Ան յատուկ յանձնարարական տուած է ոլորտի պատասխանատուներուն, որպէսզի անոնք հաշուի առնեն տեղական արտադրութեան ապրանքանիւթերուն օգտագործումը`քաղաքաշինական նախագծերու մէջ նախապատւութիւնը տալով արցախեան շինանիւթերուն, որ պիտի խթանէ արտադրութեան ընդլայնումն ու որակական տուեալներու բարելաւումը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քաղաքաշինութեան նախարար Կ. Շահրամանեան հանդէս եկած է տեղեկատուութեամբ եւ պարզաբանումներով քննարկուող հարցին վերաբերեալ:
Հանդիպման աւարտին՝ կառավարութեան ղեկավարը պատասխանած է ներկաները յուզող հարցերուն եւ տուած համապատասխան պարզաբանումներ:






