Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Բանակցելէ Առաջ՝ Պէտք Է Պայմաններ Ապահովել Համանախագահ Երկիրները Միակարծիք Են

 

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Ռուսիան դէմ է տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նոր օճախի ստեղծման, կողմ է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման` 1994-95 թուականներուն ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրերուն հիման վրայ: Բաց գրութեամբ եւ առանց դիւանագիտական գունազարդումներու` նման բովանդակութեամբ յայտարարութիւններ, Փետրուար 15-ին, հնչեցին Մոսկուայի մէջ, ուր, պաշտօնական այցի ընթացքին  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հանդիպած էր Ռուսիոյ իր պաշտօնակիցին հետ:

Սարգսեան-Փութին հանդիպումը սկսած է նախագահներու առանձնազրոյցով, շարունակուած ընդլայնուած կազմով՝ պատուիրակութեան անդամներու մասնակցութեամբ: Հանդիպման յաջորդած է երկու նախագահներու համատեղ յայտարարութիւնը՝ մամուլի ներկայացուցիչներու համար: Քննարկուած հարցերու մօտաւոր շրջանակը ուրուագծուած է նոյն այդ յայտարարութիւններով: Ըստ այդմ, քննարկուած են երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու, այդ հարթութեան վրայ ունեցած խոչընդոտները յաղթահարելու, ԵԱՏՄ հնարաւորութիւնները աւելի լաւ օգտագործելու մասին հարցեր:

Որոշիչը, սակայն, հայ-ռուսական յարաբերութիւններն են՝ անվտանգութեան ոլորտի մէջ: Այս պարագային թիւերը չեն հրապարակուիր, բնականաբար: Սահմանափակուած են հիմնական ուղղութիւնները մատնանշելով: «Մեր երկիրները կը ձգտին գործողութիւնները համաձայնեցնելու ՄԱԿ-ի մէջ, մենք յաջող կը համագործակցինք ընդելուզման գործընթացներուն մէջ` ԵԱՏՄ-ի, ԱՊՀ-ի շրջանակներուն մէջ: Կը զարգացնենք կառուցողական համագործակցութիւնը հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ»,- թուարկած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Անվտանգութեան ոլորտին մէջ տարածաշրջանային կարեւոր բաղադրիչը կը շարունակէ մնալ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: Կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու համար՝ անհրաժեշտ է նախ անոր համար պայմաններ ապահովել: Հանդիպման ընթացքին ատիկա նոյնպէս քննարկուած է, նշած է Սերժ Սարգսեան: «Հանդիպման ժամանակ ընդգծուած է Վիեննայի եւ Փեթերզպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը: Մենք համակարծիք ենք, որ ուժի կիրառումը կամ անոր կիրառման սպառնալիքը անթոյլատրելի են եւ մեծապէս կը վնասեն խաղաղ կարգաւորման»,- շեշտած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Խօսքը, ըստ էութեան, հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան կառուցակազմերու ներդրման մասին է: Ասիկա, փաստօրէն, Փարիզի մէջ Սարգսեան-Օլանտ հանդիպման ժամանակ քննարկուած հարցին շարունակութիւնն է»,- կը գնահատէ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանը: -«Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքը համանախագահները միանման կը պատկերացնեն եւ կ’աշխատին ընդհանուր պատկերացումներով»:

Ապրիլեան պատերազմէն ետք ոչ միայն սահմանագիծին վրայ իրավիճակը անփոփոխ է, այլեւ կարգաւորման տրամաբանութեան մէջ, յիշեցուցած է Հայաստանի նախագահը, չէ առարկած Ռուսիոյ ղեկավարը: «Ընդգծուած է եռակողմ անժամկէտ համաձայնագրերու պահպանման անհրաժեշտութիւնը, որոնք ստորագրուած են 1994-95 թուականներուն»,- փակագիծերը բացած է Սերժ Սարգսեան:  «Պաքուն ամէն ձեւով կը փորձէ խուսափիլ Պաքուն,- կ’ընդգծէ Դաւիթ Բաբայեան: -Ազրպէյճանը  կ’ուզէ խեղաթիւրել հակամարտութեան էութիւնը՝ անկէ բացառելով արցախեան կողմը եւ փորձելով տեղափոխել զուտ Երեւան-Պաքու հակասութիւններու մակարդակ: Սակայն Ստեփանակերտը ի սկզբանէ եղած է հակամարտութեան  եւ բանակցող կողմ: Եթէ Մոսկուայի մէջ այդ հարցը քննարկուած է, կը նշանակէ միջնորդ երկիրներն ալ կը պատկերացնեն, որ առանց Արցախի մասնակցութեան՝ խնդիրը չի կրնար կարգաւորուիլ: Ատիկա, նախապէս, ըսած էր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը, իսկ հիմա՝ հարցը քննարկուած է Սարգսեան-Փութին հանդիպման ժամանակ»:

Ամէն պարագայի, կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի եւ կրնայ երկար տեւել: Ռուսիան պիտի շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը` ՄԽ համանախագահութեան ծիրէն ներս, վստահեցուցած է Վլատիմիր Փուտինը.  «Ռուսիան կը շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ փոխընդունելի լուծումներու որոնման հարցով` ինչպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի, այնպէս ալ Երեւանի ու Պաքուի հետ ուղիղ կապերու միջոցով»:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին