Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Կ’ուզե՞ս Օրդ Հեքիաթ Դառնայ` Սէր, Ցաւ, Յիշողութիւն Խառնէ՛ ու Շաղէ՛, Ինչպէս Կը Հունցես Հացի Խմորը. Ղարաբաղցեան

Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը» գիրքին շնորհահանդէսը կայացած է Մարտ 16-ին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշի կեդրոնէն ներս։ Շնորհահանդէսի կայացման նպաստած է ԼՂՀ Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը։ Այս մասին կը յայտնեն «Նարեկացի» արուեստի միութենէն։

Իր ներկայութեամբ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը պատուած է հեղինակը, որուն ամբողջ կեանքը յիշողութիւն է, որուն ստեղծագործութեան ենթահողը յիշողութիւնն է, եւ եթէ ան կը զրուցէ մէկուն հետ, ատիկա նոյնպէս` յիշողութիւնն է: Անոր պատմուածքներուն հերոսները կ’ապրին քաղցր յիշատակներու մտերմութեամբ, անոնց կեանքին ուղեցոյցը քրիստոնէական հաւատքն է: Կ’երգեն Կոմիտասի երգերը ու կը հաւատան, որ անդարձ յիշատակները երբ կը յիշես՝ անպայման հեքիաթ կը դառնան:

Հեղինակի 30 տարուան ընկերները շնորհաւորած են զինք՝

1) «Անոր ստեղծագործութիւնը հայու ոգիի նկարագիրն է»,- բանաստեղծ ` Ռոպերթ Եսայեան:

2) «Ատիկա մեր մասին է»,- Վարդգէս Բաղրեան:

3) «Եթէ կ’ուզես աշխարհը շրջիլ` բաց «Արեւի բնակավայրը» կարդայ:
Սպարտակը կը գրէ խորունկ եւ միաժամանակ պարզ»,- Միքայէլ Հաճեան:

4) «Հեղինակը Դանկոյի նման իր սիրտը կը մատուցանէ աշխարհին»,- տիկին Անտիկ` ընթերցող:

5) Շնորհաւորած է նաեւ սփիւռքահայ ընկերը` Մովսէս Ֆաքճեան, կարդալով Սիամանթոյէն հատուած մը:

Երբ երեկոյի աւարտին ներկաները դիտած են հեղինակի սենարին հիման վրայ նկարահանուած «21 դարու Վանտալներ» ֆիլմին «Շուշի» հատուածը` բոլորը համակուած են հեղինակին արտայայտած համոզմունքով:
«Այո՛, Շուշին մեր Երուսաղէմն է»։

P.S. Շնորհակալութիւն ԼՂՀ Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան «Արեւի բնակավայրը» գրքի շնորհահանդէսը կազմակերպելու հնարաւորութիւն ստեղծելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին