Շաբաթ, 11 Մարտ 2017-ի յետմիջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, սկսաւ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներու ութերորդ տարուան առաջին հանգրուանը: Այս տարուան մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն է 149, իսկ մասնակից դպրոցներունը՝ 18:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցանքները կ’ընդգրկեն երեք մարզեր.-
ա. Հայ Լեզու եւ Գրականութիւն
բ. Հայոց Պատմութիւն, Հայ Մշակոյթ եւ Կրօն
գ. Ասմունք
Մրցանքները տեղի կ’ունենան երկու մակարդակով՝ միջնակարգ բաժին եւ երկրորդական բաժին:
Արդէն տեղի ունեցաւ Ասմունքի մրցանքի Ա. հանգրուանը՝ 45 մասնակիցներէն 25-ը անցաւ Բ. հանգրուան, որ տեղի պիտի ունենայ 1 Ապրիլին:
18 Մարտին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցանքը, որուն մասնակցեցան 49 աշակերտներ:
Իսկ այս շաբաթ օր տեղի պիտի ունենայ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնի մրցանքը:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ