Մարտ 19 լոյս 20-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ իրադրութիւնը եղած է հանգիստ:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարը խախտած է աւելի քան 25 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 140 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծի վրայ եւ կը շարունակեն իրականցնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն:






