Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Տարեկան Ընդհանուր Ժողովին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիա, ուր տեղի ունեցած է ակադեմիոյ 2016 թուականի գիտական եւ գիտակազմակերպական գործունէութեան հիմնական արդիւնքներուն նուիրուած տարեկան ընդհանուր ժողովը: ՀՀ ԳԱԱ նախագահ, ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան ներկայացուցած է ակադեմիոյ կազմակերպութիւններու գիտական կարեւորագոյն արդիւնքներն ու կիրառական մշակումները, անդրադարձած հաշուետու տարուան մէջ միջազգային համագործակցութեան ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն, գիտական մարդուժի պատրաստման եւ գիտական հետազօտութիւններու աշխուժացման մէջ ԳԱԱ ծրագիրներուն ու շարք մը այլ ուղղութիւններով 2016-ին ակադեմիոյ գործունէութեան:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է` նկատի առնելով, որ հանրապետութեան մէջ այժմ նախընտրական քարոզչութեան ժամանակաշրջան է, զերծ կը մնայ ելոյթէ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատասխանել ժողովի մասնակիցներուն հետաքրքրող հարցերուն, լսած անոնց առաջարկները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է ՀՀ ԳԱԱ իսկական անդամ, փրոֆեսոր Սերգէյ Համբարձումեանին ծննդեան 95-ամեակի առիթով` այդ նշանակալի յոբելեանի առթիւ մաղթած անոր առողջութիւն եւ ազգանուէր գործունէութիւնը շարունակելու ուժ ու կորով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին