Հայ Աւետարանական գոլէճի 10-րդ եւ 11-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք հանրային ծառայութիւն կը կատարեն ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան մէջ, հոյակապ նախաձեռնութեամբ մը 9 Մարտ 2017-ին յատուկ յայտագիրով եւ հիւրասիրութեամբ պատուեցին Հ.Տ. Տան պատսպարեալ նախկին ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ընկերակցութեամբ փոխտնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի եւ 11-րդ դասարանի դաստիարակ Տիկ. Անգինէ Օպէյտի։
Աշակերտներուն կողմէ խօսք առաւ Փերլա Պասէթ, իսկ Լիլիթ Գույումճեան ասմունքեց. երգեցողութիւնը առաջնորդեց Վարդ-Վարս Մկրտիչեան։ Իր սրտի խօսքը ըսաւ նաեւ գոլէճի փոխտնօրէնը։ Ապա կարկանդակի հիւրասիրութեամբ եւ ծաղկեփունջերու նուիրումով աշակերտները հաճելի պահ մը անցուցին նախկին ուսուցչուհիներուն հետ, լսելով անոնց պատմութիւնները։
Մեծապէս ուսանելի նախաձեռնութիւն մըն էր արդարեւ կատարուածը. անպատկերելի է ուրախութիւնը, որ ապրեցան նախկին ուսուցչուհիները, որոնք հակառակ իրենց դիմագրաւած ֆիզիքական մարտահրաւէրներուն, պահ մը վերագտան իրենց ուսուցչական կորովը, այս անգամ ալ ուսուցանելով դասեր «իրենց վաստակաւոր կեանքի փորձառութենէն» ինչպէս վկայեց աշակերտուհի Փերլա Պասէթ իր խօսքին մէջ։