*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Գէշ փորձառութեանս հիման վրայ զգացում մը ունիմ, որ տուրքերու յաւելումները մէյ մը որ կեանքի կոչուին, Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ հակազդեցութիւնները.
Ա.- Ցոյցեր եւ բողոքներ:
Բ.- Հեռատեսիլով սփռուող երգիծական ծրագիրներ, ուր ծաղրի ու ծանակի կ’ենթարկուին տուրքերը եւ անոնցմով անեքթոտներ կը հիւսուին:
Գ.-Քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններ եւ ասուլիսներ՝ իրարու վրայ կէտեր արձանագրելու կամ ժողովրդականութիւն խաղալու եւ ուրիշները մեղադրելու այն բոլոր ձախողութիւններուն համար, որոնց պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս իրենք կը բաժնեն:
Դ. Իրավիճակը կը մնայ նոյնը… Ժողովուրդը կ’ընտելանայ եղածին… յաւելուած տուրքերը կը հաստատուին ու կը վաւերացուին:
Ե. Երեսփոխանական ընտրութիւններուն կ՛ընտրենք նոյն այն գործիչները, որոնցմէ կը գանգատինք օրն ի բուն:
Զգացում մը ունիմ…
Զգացում մը ունիմ, որ Լիբանանի իրավիճակը միշտ պիտի մնայ նոյնը… «Պանանի Հանրապետութիւն»….:






