Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

«Հաց Բերող» Արթուր Սարգսեանը Մահացած է

Որպէս «Հաց բերող» յայտնի Արթուր Սարգսեանը երէկ «Արմենիա» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է: Այդ մասին «Ազատութեան» յայտնած է Սարգսեանի փաստաբան Դաւիթ Կիւրճնեանը:

Այլ մանրամասնութիւններ փաստաբանը դեռ չի փոխանցեր:

Անցեալ ամառ Ոստիկանութեան ՊՊԾ գոընդի տարածքը գրաւած «Սանսայ ծռեր» զինուած խումբի գործով կալանաւորուած Արթուր Սարգսեանը կը մեղադրուէր զինուած խումբին օժանդակելուն մէջ․ գունդի տարածքը գրաւելու օրերուն ան մեքենայով ճեղքած էր ոստիկանական պատն ու սնունդ տարած գունդի տարածք:

Դեկտեմբերի վերջին, հաշուի առնելով առողջական վիճակը, Սարգսեանին ազատ արձակած էին: Փետրուար 9-ին, սակայն, դարձեալ կալանաւորած էին, մեղադրելով որ Սարգսեանը Փետրուար 3-ին չէր ներկայացած քննչական մարմին: Կրկին անազատութեան մէջ յայտնուելու յաջորդ օրուընէ ան անժամկէտ հացադուլ յայտարարած էր: 25 օր հացադուլի մէջ մնալէ ետք՝ Մարտ 6-ին Ազգային ժողովի 27 պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութեամբ «Հաց բերողը» կրկին ազատ արձակուած էր եւ տեղափոխուած «Արմենիա» բժշկական կեդրոն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին