Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Լիբանանեան Երաժշտութեան Նուիրուած Հաճելի Երեկոյ ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան Կեդրոնէն Ներս

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան գործակցութեամբ,  եւ բարձր հովանաւորութեանը տակ Լիբանանի Մշակոյթի նախարար Նորին Վսեմութիւն Տոքթ. Ղաթթաս Խուրիի, յիշատակի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ, նուիրուած լիբանանահայ նշանաւոր երաժիշտ Պօղոս Ճելալեանի, Չորեքշաբթի, 8 Մարտ 2017 –ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան Կեդրոնէն ներս, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Երեկոն կը կրէր՝ «ՊՕՂՈՍ ՃԷԼԱԼԵԱՆԸ ԵՒ ԻՐ ՆՊԱՍՏԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» խորագիրը: Արդարեւ, Լիբանանէ ներս Ֆրանքոֆոնի ամսուան գործունէութեանց ծիրէն ներս կազմակերպուած սոյն երեկոն, առաւելաբար նպատակադրուած ու դասաւորուած էր հայ երաժշտութիւնն ու հայ երաժիշտները ծանօթացնելու համար  լիբանանցի արուեստասէր ու մշակութասէր հասարակութեան:

DSC_0724

Հաճելի երեկոյի բացումը ըրաւ Լիբանանի Հ.Բ.Ը.Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովի գործադիր տնօրէն Անիթա Լիպիար, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա բարի գալուստ մաղթեց անոնց ու անդրադարձաւ երեկոյեան զգեցած կարեւորութեան, ընդգծելով, թէ ՀԲԸ Միութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ կը մօտենայ Ֆրանքոֆոն Երկիրներու կողմէ նախաձեռնուած միջոցառումներուն, այս պարագային՝ Լիբանանէն ներս տեղի ունեցող ձեռնարկներուն, գործակցելով թէ՛ Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան եւ թէ Լիբանանէն ներս Հայաստանի Դեսպանութեան հետ: :

Ձեռնարկը գնահատելու համար եկած էին բազմաթիւ տեղացի թէ հայ ծանօթ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին ներկայ էին Պօղոս Ճելալեանի տիկինը եւ զաւակը՝ Ռէյմօնտը եւ Սերժը, Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարի ներկայացուցիչ Դոկտ. Նիզար Տահէրը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան հիւպատոս Տիար Աշոտ Վարդանեանը, Լիբանանի Ֆրանսական Մշակութային Կեդրոնի պատասխանատու Ֆրանսուա Թիկըրը, Տ. Գէորգ եպ. Ասատուրեանը, Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխ կառավարիչ Պրն. Յարութիւն Սամուէլեանը եւ Լիբանանի Հ.Բ.Ը.Միութեան Շրջանակային  Յանձնաժողովի փոխատենապետ Տիկին Սիլվա Լիպարիտեանը:

Իր խօսքի աւարտին Տիկին Լիպիար ներկայացուց օրուան բանախօսներ Էթիէն Քիւփէլեանը (Ճէլալեանի զարմուհին) եւ Մանսուր Ռահպանիի որդին՝ Ղատի Ռահպանին, նաեւ՝ Տիկին Միրէյ Խանամիրեանը, որպէսզի վերջինս ներկաներուն փոխանցէ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան յարգարժան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի յաւուր պատշաճի խօսքը: Արդարեւ, Տիկին Խանամիրեան իր կարգին կարեւորելով նմանօրինակ եզակի երեւոյթներ, որոնք օգտաշատ են հանրութեան, ընդգծեց, թէ մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ նմանօրինակ այլ նախաձեռնութիւն մը եւս՝ նուիրուած Լիբանանեան Ճարտարապետութեան մասին, ուր հանդէս պիտի գայ ճարատրապետ Ռաֆֆի Ճերճեան, անդրադառնալով միաժամանակ 20-րդ դարու նշանաւոր հայ ճարտարապետներու մասին, որոնք կառուցեցին այնպիսի կոթողներ, որոնք կը մնան եզակի՝ լիբանանեան իրականութեան մէջ, ինչպիսիք են՝ Լիբանանի Խորհրդարանը, Էլ Աապէտ ժամացոյցը, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքը եւ Հարիսայի Ս. Պօղոս կառոյցը:

Դասախօսութիւնը ներկայացուց եւ մեկնաբանեց լիբանանահայ բարձրասրնգահար (oboe) Էթիեն Քիւփելեան` մասնակցութեամբ հանրածանօթ լիբանանցի երաժիշտ Ղատի Ռահպանիի:

DSC_0779

Զոյգ զեկուցողներ՝ Էթիէն Քիւփէլեանն ու Ղատի Ռահպանին, իրենց գնահատակաաններուն մէջ ընդհանրապէս ծանրացան Պօղոս Ճէլալեան մարդու, դասախօսի, երաժիշտի ու արուեստագէտի ունեցած բացառիկ տաղանդին ու շնորհքին վրայ, մէջընդմէջ լրացնելով իրարու գիտելիքներ, ուր ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուեցաւ  Լիբանանի Ազգային Երաժշտանոցի դաշնամուրի եւ տեսական նիւթերու փրոֆ. Պօղոս ճելալեանի ունեցած դերը եւ բերած նպաստը՝ ընդհանրապէս Լիբանանի երաժշտական կեանքէն ներս, Ասի եւ Մանսուր Ռահպանի հռչակաւոր երգահաններու կողքին:

Մանսուր Ռահպանիի կրտսեր որդի՝ Կապի Ռահպանիի յիշատակութեամբ՝ «Ճելալեանը կը հանդիսանար Ռահպանի եղբայրներու լաւագոյն բարեկամը, խորհրդականը եւ ամենավստահելի նեցուկը», որ պատիւ էր լիբանանցի երաժիշտներու ընտանիքին համար:

Ձեռնարկի ընթացքին մերթ ընդ մերթ հնչեցին Ճէլալեանի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ, բայց աւելի ուշ, զեկուցաբեր Էթիէն Քիւփէլեանի նախաձեռնութեամբ դահլիճը առիթ ունեցաւ ունկնդրելու Պօղոս Ճելալեանի նշանաւոր յօրինումներէն՝ NAXOS-ի վերջին նոր ձայնագրութիւնը, Թաթիանա Փրիմարք Խուրիի կատարողութեամբ:

Արուեստ ու մշակոյթ եզերող սոյն հաճելի երկոն աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին