Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Իսկական Իմաստով Դաշնակցային Են. Սերժ Սարգսեան Հանդիպած է Փութինի Հետ

Տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը, որ պաշտօնական այցով Ռուսիա կը գտնուի։ Մասնաւորապէս քննարակուած են երկկողմանի համագործակցութեան եւ Եւրասիական տարածքի հիմնահարցեր։

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փուտին յոյս յայտնած է, որ սահմանադրական բարեփոխումէն ետք Հայաստանի մէջ առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները բարեյաջող կ’անցնին։

Քրեմինի մէջ Սերժ Սարգսեանի հետ բանակցութիւններու սկիզբը Ռուսիոյ ղեկավարը նշած է, որ իրենց այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ երկրի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախապատրաստութեան ֆոնին: «Այդ ամէնը կապուած է նաեւ սահմանադրական բարեփոխման հետ: Գործընթացը, ըստ երեւոյթին, հեշտ չէ, բայց վստահ եմ, որ Հայաստանը ձեր ղեկավարութեամբ պիտի անցնի իր զարգացման այս փուլը»,- նշած է Փութին:

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ապրիլ 3-ին պիտի նշուի երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը:

«Այս տարիներու ընթացքին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները ձեռք բերած են բառիս իսկական իմաստով դաշնակցային բնոյթ»,- ընդգծած է Փութին` աւելցնելով, որ Մոսկուան եւ Երեւանը կը համագործակցին գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով: Ան նշած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները «միշտ կառուցուած են շատ խոր արմատներու վրայ, որոնք կու գան դարերու խորքէն, անցեալէն»: Յարաբերութիւնները կը շարունակուին նաեւ զարգացման ներկայ փուլին»,- ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Իր հերթին` Հայաստանի նախագահը յայտարարած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը պէտք է ուրուագծեն համագործակցութեան գլխաւոր ուղղութիւնները մօտ հեռանկարի մէջ:

«Այս տարիները դարձած են սերտ համագործակցութեան ժամանակաշրջան, եւ մենք հասած ենք անկեղծ դաշնակցային յարաբերութիւններու: Այդ յարաբերութիւններուն բնոյթը կը թելադրէ օրակարգը: Վստահ եմ, որ մեր այսօրուան այցը բովանդակալից պիտի ըլլայ եւ պիտի անցնի լիարժէք փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Նեղ կազմով հանդիպումէ ետք, կայացած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ:

Ի պատիւ պաշտօնական այցով Ռուսիոյ Դաշնութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անունով տրուած է պաշտօնական ճաշ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին