Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի Յուշարձանի Մուտքին Յուշատախտակ Պիտի Զետեղուի

Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քաղաքային իշխանութիւններէն կարելի եղած է վաւերացում ապահովել այն յուշատախտակին համար, որ պիտի զետեղուի Փասատինայի «Մեմորիըլ» հանրային պարտէզին մէջ գտնուող յուշարձանի մուտքին:

Յուշարձանի յանձնախումբի համաատենապետներ Ռապըրթ Քալունեան եւ Շողիկ Եփրեմեան կը տեղեկացնեն, թէ 15ով 30 ինչնոց գլխաւոր յուշատախտակին վրայ նախ հակիրճ եւ երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) բացատրութիւն մը պիտի ըլլայ՝ յուշարձանի կարեւորութեան մասին, ապա նաեւ պիտի յիշատակուին Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանի յանձնախումբի անդամներուն, Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ յուշարձանի շինարարական յանձնախումբի անդամներուն անունները։

Գլխաւոր յուշատախտակին կողքին, բացատրական 19 փոքր յուշատախտակներ պիտի զետեղուին՝ «Մեմորիըլ» հանրային պարտէզի տարածքին։

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին տեղի ունեցած էր 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին բացումը: Անիկա կը ներկայացնէ եռոտանի կառոյց մը, որ կը յիշեցնէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ օգտագործուած կախաղանները: Արցունք խորհրդանշող ջուրի կաթիլներ կը կաթին վերէն, աւազանի մը մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին