Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Պոլսոյ Մէջ Թրքերէնով Հրապարակուած է Աւրորա Մարտիկանեանի Մասին Գիրքը

Պոլսոյ մէջ գործող «Արաս» հայկական հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «Աւրորա» գիրքը, որ կը պատմէ Աւրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի կեանքի մասին, որ վերածուած է Ցեղասպանութիւնը դիմակայած հայուհիի տոկունութեան ու մարդասիրութեան խորհրդանիշ:

Գիրքը արդէն տեղ գտած է «Արաս»-ի պաշտօնական կայքին մէջ, ուրկէ գնորդները կրնան զայն պատուիրել համացանցի միջոցով:

Աւրորա Մարտիկանեան ծնած է 1902-ին Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ նահանգի` հայ վաճառականի ընտանիքի մը մէջ: Կոտորածի ժամանակ ծնողներն ու քրոյրեը կորսնցուցած 14-ամեայ Արշալոյսը` Հայոց ցեղասպանութեան ամենայայտնի ականատեսներէն մէկը, աւելի ուշ դարձաւ «Յօշոտուած Հայաստան. Աւրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» գիրքին հեղինակն ու նկարահանուեցաւ գիրքին հիման վրայ ստեղծուած «Հոգիներու աճուրդ» ֆիլմին մէջ:

Արշալոյս Մարտիկանեան մահացած է 1994-ին` ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգին մէջ:

Նշենք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնադրուած է Պոլսոյ մէջ, 1993-ին: Հրատարակչութիւնը կարճ ժամանակի մէջ կրցած է շատերու համար դառնալ «պատուհան» դէպի հայկական գրականութիւն, քանի որ կը զբաղի հայ դասականներու, հայոց պատմութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու թրքերէն թարգմանութեամբ` հասանելի դարձնելով զանոնք թրքական հասարակութեան բոլոր խաւերուն:

Հրատարակչութիւնը ունի նաեւ արեւմտահայերէնով հրատարակուած գիրքեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին