Մարտ 14 լոյս 15-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ուղղութեամբ՝ հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարը խախտած է շուրջ 55 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1890 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` պատասխան գործողութիւններու դիմելով միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:






