ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով երէկ պաշտօնական այցով ժամանեց Ռուսիա:
ՀՀ նախագահի մամուլի գրասենեակէն յայտնեցին, որ Մոսկուայի «Վնուքովօ» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է Հանրապետութեան նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:
Այցի ծիրէն ներս նախագահը հիւրընկալուեցաւ Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկ, ուր հանդիպում տեղի ունեցաւ ժուսանողութեան եւ դասախօսական կազմին հետ, ուր նախագահ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը եւ պատասխանեց հանդիպման մասնակիցներուն հետաքրքրող հարցերուն:






