Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Միջ-Համայնքային Գործակցութիւնը Ամրապնդող Յանձնախումբի Այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք

Քաղաքացիական շարժումը նոր ընթացք եւ լայն արձագանգ սկսած է գտնել բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Վերջին տարիներուն յիշեալ շարժումը զանազան արտայայտութիւններ սկսած է ունենալ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն ներս, որոնց նպատակը մէկ կողմէ ժողովրդային բողոքը աւելի ազդու դարձնելն է՝ ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող հարցերու գծով, եւ միւս կողմէ միջ-կրօնական ու միջ-համայնքային գործակցութիւնն ու գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդել:

Կիրակի օր յիշեալ շարժումը ներկայացնող շուրջ 75 անձերէ բաղկացած խումբ մը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, իսկ Երկուշաբթի կէսօրէ առաջ յիշեալ շարժումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելած էր Վեհափառ Հայրապետին:

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով զանազան համայնքներէ բաղկացած սոյն պատուիրականութիւնը, շեշտեց միջ-կրօնական ու համայնքային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը Լիբանանը յուզող ընդհանրական հարցերու շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պետութեան հիմքը ժողովուրդն է: Պետական մարմինները ժողովուրդին կողմէ կ՚ընտրուին եւ համարատու են ժողովուրդին: Անոնք պարտաւոր են լսել ժողովուրդին ձայնը եւ ընդառաջել ժողովուրդի կարիքներուն ու պահանջքներուն»:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին