Կիրակի, 12 Մարտ, 2016-ին, ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման անդամները սովորութեան համաձայն հաւաքուեցան «Թէքէեան Կեդրոն», իրենց համար պատրաստուած կիրակնօրեայ ծրագրին մասնակցելու: Սակայն «Միրաք»ի պատասխանատու, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան անակնկալ մը յայտնեց անոնց, յայտարարելով, որ Գարնանամուտի հետ միասին սկիզբ պիտի առնէ նաեւ «Միրաք»ի արտագնայ ծրագիրներու շարքը, որուն բացումը պիտի կատարեն այսօր:
Ուրախ ժպիտներով եւ մեծ ոգեւորութեամբ «Միրաք»ականները ուղղուեցան «Հայաստան» կինոթատրոնի «Պոուլինկ»ի սրահ: Մրցակցային եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ «Միրաք»ի պատանիները 6 խումբերու բաժնուելով փորձեցին իրենց կարողութիւնները: Ընկերական բարձր ոգիով քաջալերեցին զիրար, խաղցան, երգեցին, ուրախացան, հիւրասիրուեցան եւ այպիսով հաճելի օր մը եւս արձանագրեցին «Միրաք»ի հետ կապուած իրենց յուշերու էջերուն: «Պոուլոնկ»ի յաղթող ճանչցուեցան Զաւէն Աբգարեանն ու Թամարա Խուրշուտեանը, որոնց խոստացուեցաւ քաջալերական նուէրներ: