Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Տասէ Աւելի Ֆրանսացի Գործարարներ Հետաքրքրուած Են` Գործունէութիւն Ծաւալելու Հայաստանի Մէջ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս հանրապետութեան հեղինակաւոր գործարարներու միութիւնը (ՄԵԴԵՖ) «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում» կազմակերպութեան մէջ հանդիպում մը ունեցած է կազմակերպութեան անդամներուն հետ:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը հանդիպման ընթացքին հանդէս եկած է զեկոյցով: ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ, նախարար Սուրէն Կարայեան իր ելոյթին մէջ խօսած է ՀՀ Կառավարութեան ծրագիրներուն, ներդողներու համար օրէնսդրական բարեփոխումներու եւ ներդրումային քաղաքականութեան մասին։ Նախարարը գործարարներու ուշադրութեան ներկայացուցած է շարք մը ներդրումային ծրագիրներ, որոնք մշակուած են ՀՀ կառավարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներդրումային գրաւչութիւնները, ազատ տնտեսական գօտիները, արտօնեալ առեւտրային կարգերը, մուտքը մեծ շուկաներ եւ այլն:

Նախարար կարանեան ընդգծած է, որ կայ հայ-ֆրանսական լայն տնտեսական համագործակցութիւն, սակայն հարկաւոր է իւրացնել առկայ ողջ ներուժը աւելի խորացնելու զայն` փոխգործակցելով ներդրումային ծրագիրներու շուրջ, բազմազանեցնելով եւ ընդլայնելով ֆրանսական դրամագլուխը Հայաստանի մէջ:

Զեկոյցի աւարտին գործարարները նախարարին յղած են շարք մը հարցեր, որոնք հիմնականօրէն կ’առնչուին Հայաստանի մէջ ներդրումային նախագիծեր իրականացնելու պայմաններուն, ԵԱՏՄ, իրանական, եւրոպական շուկայ մուտք գործելուն եւ այլն:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան Փարիզի  մէջ անհատական հանդիպումներ ունեցած է տասէ աւելի գործարարներու հետ, որոնք հետաքրքրուած են` գործունէութիւն ծաւալելու Հայաստանի մէջ (գիւղատնտեսութիւն, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ եւ այլն): Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են հետեւեալ կազմակերպութիւններու հետ ` Airbus Group, Oberthur Technologies, Artelia ,Bureau Veritas, Inotech International, Farmex Technoligies, MDP Consulting, Sodiaal Web.ISI, Jamaris, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին