«Զարթօնք»ի 80 Ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս երէկ՝ Երկուշաբթի 13 Մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Թէքէեան Կեդրոնի «ՌԱԿի Լսարան» սրահին մէջ
«Զարթօնք»եան Հանդիպումներու շարքին տեղի ունեցաւ չորրորդ հանդիպումը, նիւթ ունենալով «Պատերազմներ Մարդկային Պատմութեան Ընթացքին Ծրագրողները, Ռազմական Շուկան Եւ Մենք» խորագիրը: Օրուան հիւրն էր ՀԿԲՄ Սահակեան – Լ. Մկրտիչեան գոլէճի տնօրէն Պրն. Նազօ Ճէրէճեանը:
Պրն. Ճէրէճեան, ըստ իր սովորութեան, իր շատ լաւ պատրաստած նիւթը հասկնալի եւ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց զինք լսողներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը վերապրեցաւ պատերազմի տարիներու իր փորձառութիւնը, այս անգամ պաստառին վրայ ցուցադրուած նկարներով եւ ֆիլմերով:
Շահեկան հանդիպում մը, որուն տպաւորութեան տակ ներկաները աւարտին բաւական զրուցեցին իրարու հետ, մտերմիկ հիւրասիրութեան մը շուրջ:
Ձեռնարկին եւ նիւթին մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք: