ՀՀ ոստիկանութիւնը հրապարակած է ՀՀ ԱԺ 2017 Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններու ՀՀ ընտրողներու ցուցակին ընդգրկուած ընտրողներուն ընդհանուր թիւը` 2017 Մարտ 13-ի դրութեամբ: Այս մասին յայտարարութիւն տարած են ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութիւնէն:
Ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ի կատարումն Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգրքի 8-րդ յօդուածի 7-րդ մասին` Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ժամանակ` քուէարկութեան օրէն առաջ 20-րդ օրը, ՀՀ ոստիկանութիւնը կը հրապարակէ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընտրողներուն ընդհանուր թիւը` նշելով նաեւ ըստ գտնուելու վայրի ընտրողներու եւ հաշուառում չունեցող ընտրողներուն թիւը: Այսպէս.
քուէարկութեան օրէն 20 օր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ընտրողներու ընդհանուր թիւն է` 2.564.244, որուն`
-ըստ գտնուելու վայրի ընտրողներու թիւը` 1249,
-հաշուառում չունեցող ընտրողներու թիւը ` 20»:






