Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրամանագիր ստորագրած է Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն ստեղծելու մասին:
Համաձայն Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած հրամանագրին` հիւպատոսական շրջանին մէջ կ’ընդգրկուի Քիւրտիստանի տարածաշրջանը (Էրպիլ, Սուլէյմանիա, Տոհուկ):






