Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Վատիկանի Մէջ Աշխատող Կիներու Թիւը Հետզհետէ կը Բարձրանայ

Վերջին տարիներուն Վատիկանի մէջ աշխատող կիներու թիւը բարձրացած է, անոնց թիւը 195-էն հասած է 371-ի։

Ըստ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ ներկայիս վատիկանի պաշտօնեաներու 19 տոկոսը կիներ են։ Մինչ Ս. Աթոռի մօտ աշխատող կիներու թիւը 391-ի հասած է։ Վերջին չորս տարիներուն աւելի կին առնուած է քան այր մարդիկ։

Ս. Աթոռի մօտ աշխատող կիները աւելի որակեալ աստիճան ունին, միջին հաշիւով 7-րդ աստիճանը կը գրաւեն, անոնցմէ 41 տոկոսը կ’աշխատին որպէս պատասխանատուներ զանազան նախարարութիւններու մէջ եւ կամ լրագրողներ են։

Նշենք, որ Երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետը եղաւ առաջինը, որ կին մը նշանակեց եկեղեցական վարչութեան մէջ։ Մինչ Վատիկան աշխատող կիները ընդհանրապէս չորրորդ աստիճանը կը գրաւեն տասի վրայ։ Ճիշդ մէկ դար առաջ, մէկ Փետրուար 1915-ին, առաջին աշխատող կինը եղաւ Anna Pezzoli, իբրեւ կահայարդար։ 1929-էն սկսեալ ակադեմիական աստիճան ունեցող կիներ սկսան մատենադարանի մէջ գործել, իբրեւ ձեռագիրներու պատասխանատուներ։ Կիները, սակայն, Վատիկանի մէջ սկսան պաշտօնական գործ ունենալ վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովէն ետք։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին