ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու` տարածաշրջանային այցերուն հետ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ մեծ ակնկալիքներ պէտք չէ ունենալ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան:
«Այս փուլին կարգաւորման գործընթացին մէջ դրական տեղաշարժ ակնկալելը ճիշդ չէ, որովհետեւ Ազրպէյճանը կը շարունակէ իր ահաբեկչական գործողութիւնները, իր ապակառուցողական քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Կարեւոր համարելով համանախագահներուն այցը տարածաշրջան` Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ անիկա հետաքրքրական պիտի ըլլայ, որովհետեւ երեք համանախագահներէն երկուքը նոր են: «Որեւէ բեկում պէտք չէ ակնկալել: Այս այցելութիւնը աւելի շատ պիտի կրէ ճանաչողական բնոյթ: Պէտք է այցելեն Հայաստան, Արցախ, մենք պիտի ներկայացնենք Ազրպէյճանի կողմէն խախտումները վկայող փաստերը, ապացոյցները: Ատիկա միշտ կ’ըլլայ տարբեր խողովակներով: Փետրուար 24-26 տեղի ունեցած գործողութիւններուն վերաբերեալ ապացոյցները, գնահատականները ներկայացուած են նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Գասպրշիկին: Այնպէս, որ այս գործընթացը կը շարունակուի»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Ան նշած է, որ համանախագահներու հետ հանդիպման ընթացքին կը խօսուի տարբեր հարցերու շուրջ` կապուած տարածաշրջանի իրավիճակին, առկայ խախտումներուն հետ: Արցախը մէկ անգամ եւս յատուկ շեշտը պիտի դնէ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան կառուցակազմի ներդրման հարցին վրայ:
Անդրադառնալով սահմանային իրավիճակին` Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ այս Մարտ 13-ի գիշերը համեմատաբար եղած է հանգիստ, արձանագրուած են միջին քանակի խախտումներ:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ նալպանտեան յայտարարած էր, որ Մարտ 27-ին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները պիտի այցելեն Հայաստան, պիտի երթան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ: Անոնք պիտի փորձեն առաջ մղել կարգաւորման գործընթացը:






