Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Ընտրելու Իրաւունք Ունի 2 Միլիոն 564 Հազար 244 Մարդ

ՀՀ ոստիկանութիւնը հրապարակած է ՀՀ ԱԺ 2017 Ապրիլ 2-­ի ընտրութիւններու ՀՀ ընտրողներու ցուցակին ընդգրկուած ընտրողներուն ընդհանուր թիւը` 2017 Մարտ 13-ի դրութեամբ: Այս մասին յայտարարութիւն տարած են ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութիւնէն:

Ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ի կատարումն Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգրքի 8-­րդ յօդուածի 7-­րդ մասին` Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ժամանակ` քուէարկութեան օրէն առաջ 20­-րդ օրը, ՀՀ ոստիկանութիւնը կը հրապարակէ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընտրողներուն ընդհանուր թիւը` նշելով նաեւ ըստ գտնուելու վայրի ընտրողներու եւ հաշուառում չունեցող ընտրողներուն թիւը: Այսպէս.

քուէարկութեան օրէն 20 օր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ընտրողներու ընդհանուր թիւն է` 2.564.244, որուն` ­

-ըստ գտնուելու վայրի ընտրողներու թիւը` 1249, ­

-հաշուառում չունեցող ընտրողներու թիւը ` 20»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին