Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Արեւելեան Ուղղութեամբ Ազրպէյճանական Զինուժը Կիրառած է «Իսթիգլալ» եւ «ՍՎՏ» Տեսակի Դիպուկահար Հրացաններ

Մարտ 9 լոյս 10-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն, ներառեալ` դիպուկահար հրացաններէ, հրադադարը խախտած է աւելի քան 30 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 550 կրակոց:

ԱՀ  Պն  մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է «իսթիգլալ» եւ «ՍՎՏ» տեսակի դիպուկահար հրացաններ (92 կրակոց), իսկ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ` 82 միլիմեթրանոց ականանետ (1 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծի վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել մարտական ծառայութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին