Մարտ 9-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան աշխատանքային ճաշ ունեցաւ պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոծիասի հետ:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան միջավայրին, երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:
Երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը ընդգծելով՝ Վիգէն Սարգսեան առանձնացուց պաշտպանութեան ոլորտը, ուր ձեւաւորուած են համագործակցութեան հարուստ աւանդոյթներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուց անցեալ տարեվերջին Յունաստան կատարած իր պաշտօնական այցին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ անոնց կատարման ընթացքին մասին:
Իր հերթին՝ նախարար Քոծիաս վերահաստատեց Հայաստանի հետ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս տարբեր ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ յունական կողմին պատրաստակամութիւնը:






