Մարտ 9 լոյս 10-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն, ներառեալ` դիպուկահար հրացաններէ, հրադադարը խախտած է աւելի քան 30 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 550 կրակոց:
ԱՀ Պն մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է «իսթիգլալ» եւ «ՍՎՏ» տեսակի դիպուկահար հրացաններ (92 կրակոց), իսկ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ` 82 միլիմեթրանոց ականանետ (1 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծի վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել մարտական ծառայութիւն:






