Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Անյայտի Հիւրը

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

«Հովն հորովել է ասում, անձրեւը ցուրտ բառեր.
Յուզումնաւոր իմ լեզու, ինչո՞ւ ես լռել
: (Ե. Չարենց)

Ահաւասիկ բնութիւնը կը խօսի, անոր՝ որ զայն կը  կարդայ. Հորովել կ’երգէ, անոր որ գիտէ ըմբոշխնել, սակայն, ուրկէ՞ են այդ գիտելիքները, խօսքերը, երաժշտական ելեւէջները. այնքան հոգեգրաւ ապրումներով ու մենք՝ զանոնք կ’ըմբոշխնենք ու կը հիանանք:

Ո՞վ էր այն ուսուցիչը, եթէ ոչ՝ Անյայտը, մեկնաբանուած՝ զանազան կրօններու, փիլիսոփաներու, մտածողներու կողմէ ու տակաւին կը մնա՛յ ու հաւանաբար դեռ շա՜տ դարերու կը կարօտի մինչեւ յստակ պատասխանի, եւ ան ալ տակաւին՝ հարցական: Կու գայ… Անսկիզբէն, ու վարկածներ բազում են… կը կազմուին Տիեզերքը, մոլորակները ու անոնցմէ՝ կեանքը այս աշխարհի վրայ:

Անսկիզբէն գաղտնիքները ոչ դուն գիտես, եւ ոչ ալ ես.
Առեղծուածին բառը կարդալ ոչ դուն կրնաս, եւ ոչ ալ ես,
Վարագոյրի ետեւն է որ կը բարբաջենք մենք երկուսով
Վարագոյրը երբ որ վերնայ, ալ ոչ դուն կաս, եւ ոչ ալ ես:
(Օ.Խայեամ)

Մութէն լոյսի կու գայ, իր մէջ՝ անցեալ մ’ամբողջ:
Կեանքն է որ կը բացուի ներաշխարհով անմեկնելի միջավայրի մը մէջ, ուր դարերէ գալով հասած ենք ներկայի, մարդակերութենէ՝ մարդասպանութեան ու պատմութիւնը աղաղակող իրականութիւն է. Ու ո՛չ միայն պատմութիւնը. (շատ հեռացանք կարծեմ) այսօր իսկ մարդասպանութիւնը, անհատական թէ զանգուածային, երկիրներու ապրելակերպն է. ընթացք մը, որուն պատերազմ անունը կու տան, ուր միլիոնաւոր մարդիկ կը զոհուին յանուն մրցակցութեան: Բայց պատերազմի առընթեր պէտք է յիշել նաեւ խաղաղութեան կոչերը, երթերը զանգուածներու մօտ, նոյնիսկ պետական մարդոց շրթերու վրայ եւ սակայն՝ այդքան. Հոն կը սկսի ու կը վերջանայ խաղաղութիւնը: Ու ահա կրկի՛ն արիւն ու աւեր, ու կոչը թէ՝

Պատմութենէն դաս չենք առներ

Իսկ ինչո՞ւ…

Արդէն մարդ արարածը, մեր վերը նշած խաւարին մէջ առած է իրեն պէտք եղած դասերը, ապրելու, գոյատեւելու համար, որու համար ալ ձեռնածալ չի կրնար մնալ. Այլ՝ պայքարիլ ու զօրանալ, շարժիլ, կայ բնածին մղումը որպէսզի կարենայ տիրանալ, կենդանական բնազդի ամէն յատկութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ քանի որ ապագայ մարդը պիտի ըլլայ, բանականութեամբ, որ պարզապէս իբրեւ գործիք պիտի ծառայէ բնազդին:

Տեսած չէ՞ք, երբ ընտանիք մը նորածին երեխայով ծաղկի երէց քոյրը կամ եղբայրը ինչպիսի՛ նախանձով կը մօտենայ, շրթերուն գուցէ ժպիտ, սակայն՝ առիթը կ՛օգտագործէ նեղութիւն տալու նորեկին, ի՛ր ձեւով, այլեւս ըստ պարագային եւ յարմարութեան, զարնելով կամ նոյնիսկ՝ խածնելով. Մինչ անդին՝ դաստիարակութիւնն ալ պիտի ըլլայ… կիրքերը սանձել փորձող ուժը անհաւասար:

Տարիները պիտի անցնին… ոչինչ պիտի փոխուի:

 «Մարդը չափահաս… մանուկ է», պիտի ըսէ Նաբոլէոն:

Ուրեմն՝ լսենք մեր անմահանուն Թումանեանը.
Հին աշխարհը ամէն օր
Հազար մարդ է մտնում նոր,
Հազար տարուան փորձն ու գործ
Ըսկսւում է ամէն օր:

Բնութեան երթին հոգիս կու տայ ծափ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին