Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Հասկցողին Շատ Բարեւ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

«Պետական մարդիկ քաղաքական գործիչներէն տարբեր են, որովհետեւ մինչ առաջինները երկրին ապագան կը ծրագրեն, վերջինները կը մտածեն գալիք ընտրութիւններուն մասին»…:

Այս խօսքը կը պատականի Բ. Աշխարհամարտի հերոսներէն՝ Մեծն Բրիտանիոյ այդ ատենուան Վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլին:

Անմահ խօսք, որ չի պատկանիր կամ վերաբերիր միայն իր ապրած ժամանակամիջոցին եւ մարդոց:

2005 թուականէն ի վեր Լիբանանի պետական պիւտճէ մը չունենալու փաստը, որ մայրն է պետական ամէն անհաշիւ մսխումին, տակաւին կը քննարկուի այսօր եւ 2017-ի համար գոնէ զայն իրականացնելը տակաւին հեռու կ՛երեւի: Մինչ այս պատճառով կամ պատճառաբանութեամբ տակաւին կը յամենայ ընտրական նոր օրէնքի մը նախագիծը, որ չես գիտեր (լաւ գիտես)  ինչո՞ւ ամէն անգամ վերջին «տասը վայրկեանին» կը մնայ:

Այս բոլորը կը պատահին, երբ պետութեան պարտքը թեւակոխած է 74 միլիառ տոլարի սահմանները:

Ի տես այս ցաւալի իրողութեան, որուն ձեւով մը մեղսակից են երկրին պետական ամբողջ աւագանին, դուն ըսէ սիրելի՛ ընթերցող, դուն ըստ մեծանուն Չըրչըլին, հատ մը պետական մարդ կը ճանչնա՞ս, որ ձայնս իրեն տամ, երբ որ օր մը «ինշալլահ» խորհրդարանական ընտրութիւնները իրականան…:

 

Յ.Գ. Չըրչըլի խօսքը կարելի չէ՞ նաեւ ընդհանրացնել մեր ազգային կարգ մը գործիչներուն վրայ, որոնք շատ յաճախ, փոխանակ տեսիլքի մը հիման վրայ, ազգին համար ապագայի ռազմավարութիւն մշակելու գերզբաղած են ընտրութիւններով եւ աթոռ-աթոռ խաղերով…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին