Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Կոցիասը Մարտ 9-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Նախարարը ծաղկեպսակ տեղադրած է յուշարձանին մօտ եւ յաւերժական կրակին դիմաց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին:
«Արմենփրես-ի հաղորդմամբ` Հայոց ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ պարոն Նիքոս Կոցիասը շրջած է թանգարանին մէջ, ծանօթացած Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, ողբերգական դրուագներուն եւ իրողութիւններուն:
Հրաժեշտէն առաջ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Կոցիասը գրած է պատուաւոր հիւրերու Յուշամատեանին մէջ, որմէ ետք ՀՑԹԻ տնօրէն Հայկ Դեմոյեան անոր նուիրեց «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերուն» գիրքի անգլերէն հրատարակութիւնը:






