Հայերը կը շարունակեն շնորհակալ ըլլալ այն երկիրներուն, որոնք ընդունած են զիրենք 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք,- La Tercera չիլիական պարբերականին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր:
Ըստ «Փանորամա»-ին՝ պարբերականը կը յայտնէ, որ ան Մարտ 11-ին մենահամերգ պիտի ունենայ Չիլիի մայրաքաղաք Սանթիեկէյի մէջ:
«Երբ 1915-ի Ցեղսպանութեան հետեւանքով հայերը ստիպուած լքեցին իրենց տուները, անոնց ապաստան տուին աշխարհի տարբեր երկիրներ: Մենք կ՛աշխատէինք հանգիստ, առանց ջանք խնայելու եւ ընդելուզուեցանք այդ հասարակութիւններուն մէջ, քանի որ շատ տաղանդաւոր ժողովուրդ ենք»,- ըսած է Ազնաւուր:
Անոր խօսքով` 20-րդ դարու սկիզբը աշխարհի տարբեր երկիրներ արտագաղթած հայերը կը ձգտէին յաջողութեան եւ բարձունքներու հասան գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ:






