Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին

Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Կոցիասը Մարտ 9­-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Նախարարը ծաղկեպսակ տեղադրած է յուշարձանին մօտ եւ յաւերժական կրակին դիմաց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին:

«Արմենփրես-­ի հաղորդմամբ` Հայոց ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ պարոն Նիքոս Կոցիասը շրջած է թանգարանին մէջ, ծանօթացած Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, ողբերգական դրուագներուն եւ իրողութիւններուն:

Հրաժեշտէն առաջ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Կոցիասը գրած է պատուաւոր հիւրերու Յուշամատեանին մէջ, որմէ ետք ՀՑԹԻ տնօրէն Հայկ Դեմոյեան անոր նուիրեց «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերուն» գիրքի անգլերէն հրատարակութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին