Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Ոչնչացնելու մտադրութիւն» (Intent to Destroy) խորագիրով վաւերագրական ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն հեղինակն է ամերիկեան հեղինակաւոր «Էմմի» կինոփառատօնի դափնեկիր, յայտնի վաւերագրող Ճօ Պեռլինգըր, տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի «Տրայբեքա» (Tribeca FilmFestival) փառատօնին:
«Պեռլինգըր «Խոստում» ֆիլմի նիւթի հիման վրայ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ու անոր ռազմավարական գործընկերներուն մասին»,- կը յայտնէ 168.am-ը՝ վկայակոչելով ամերիկեան Entertainment Weekly պարբերականը:
Կը նշուի, որ ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ նաեւ քննարկում վաւերագրական ֆիլմի հեղինակին հետ, քննարկման պիտի կը մասնակցին նաեւ System of A Down ռոք խումբի երգիչ Սերժ Թանքեանը, «Խոստում» ֆիլմի արտադրող Էրիկ Իսրայէլեանն ու Փուլիտցերեան մրցանակի դափնեկիր Փիթըր Պալաքեանը:
Tribeca Film Festival/TFF-ը հիմնուած է 2002-ին ամերիկացի յայտնի դերասան Ռապըրթ տէ Նիրոյի կողմէ:
Փառատօնը այս տարի պիտի մեկնարկէ Ապրիլ 18-ին, Նիւ Եորքի մէջ եւ պիտի տեւէ մինչեւ ամսուան վերջը:






