Մարտ 8 լոյս 9-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի վրայ իրադրութիւնը համեմատաբար եղած է աւելի հանգիստ:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 450 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը մեծ մասամբ մնացած են ձեռնպահ պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:






