Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Ազնաւուր Չիլիի Պարբերականին Պատմած է Հայերու Տաղանդին Մասին

Հայերը կը շարունակեն շնորհակալ ըլլալ այն երկիրներուն, որոնք ընդունած են զիրենք 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք,- La Tercera չիլիական պարբերականին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր:

Ըստ «Փանորամա»-ին՝ պարբերականը կը յայտնէ, որ ան Մարտ 11-ին մենահամերգ պիտի ունենայ Չիլիի մայրաքաղաք Սանթիեկէյի մէջ:

«Երբ 1915-ի Ցեղսպանութեան հետեւանքով հայերը ստիպուած լքեցին իրենց տուները, անոնց ապաստան տուին աշխարհի տարբեր երկիրներ: Մենք կ՛աշխատէինք հանգիստ, առանց ջանք խնայելու եւ ընդելուզուեցանք այդ հասարակութիւններուն մէջ, քանի որ շատ տաղանդաւոր ժողովուրդ ենք»,- ըսած է Ազնաւուր:

Անոր խօսքով` 20-րդ դարու սկիզբը աշխարհի տարբեր երկիրներ արտագաղթած հայերը կը ձգտէին յաջողութեան եւ բարձունքներու հասան գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին