ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Պիշքեքի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Տիմիթրի Մետվետեւի հետ:
ՀՀ կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` կողմերը անդրադարձած են Յունուարին Հայաստանի վարչապետին` Ռուսիա պաշտօնական այցի արդիւնքով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին, մասնաւորապէս` հայ-ռուսական ներդրումային հիմնադրամի ստեղծման, Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիին մէջ ռուսական ընկերութիւններու ներգրաւման, գիւղատնտեսական նշանակութեան սարքերու մատակարարման հարցերուն:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները վերահաստատած են պատրաստակամութիւնը` շարունակելու հայ-ռուսական դաշնակցային գործակցութեան ընդլայնման ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ ԵԱՏՄ ծիրէն ներս առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման ուղղութեամբ:






