Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Իտալիոյ Մէջ 1915-ին Թուրքիոյ Մէջ Վատիկանի Բանագնացին Մասին Գիրք Մը Լոյս Տեսած է

Իտալիոյ մէջ գիրք մը լոյս տեսած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Վատիկանի դիւանագիտական առաքելութեան մասին: Այս մասին՝ ըստ «Նիուզ»-ի՝ կը գրէ La Stampa պարբերականը: «Սուրբ աթոռը եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կոտորածը» գիրքին հեղինակներն են Վալենթինա-Վարդուհի Կարախանեանն ու Օմար Վիգանոն:

Գիրքը Կ․Պոլսոյ մէջ Պապի բանագնաց, միսիոներ Անճելօ Մարիա Տոլչիի գործունէութեան մասին է: Անոր վիճակը բարդ էր, որովհետեւ կոտորածի ենթարկուած քրիստոնեաներուն մեծ մասը Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններէն էին` մայրաքաղաքէն հարիւրաւոր քիլոմեթրներ հեռու: Բայց երբ Տոլչին սկսաւ հասկնալ, թէ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ, ան շարունակեց բոլոր ջանքերը` բանակցութիւններ վարելու, եւ ոչ միայն օսմանեան իշխանութիւններուն հետ, այլեւ` անոնց աւստրիացի եւ գերմանացի դաշնակիցներուն:

Անոր նամակներէն եւ կազմած փաստաթուղթերէն կը պարզուի, թէ ի՞նչ ջանքեր գործադրած է հայերն ու այլ քրիստոնեաները փրկելու համար` հակառակ իր սահմանափակ լիազօրութիւններուն ու ֆինանսական հնարաւորութիւններուն:

Հետապնդուող քրիստոնեաները պաշտպանած է նաեւ Հռոմի Պենետիկթոս 15-րդ պապը, որ երեք անգամ դիմած է Մեհմետ 5-րդ սուլթանին: Սուլթանին հասցէագրուած նամակներ ուղարկած է նաեւ Տոլչին` հնարաւոր գրաքննութենէն խուսափելու համար:

Գիրքին յառաջաբանին մէջ կը նշուի, որ Վատիկանի ջանքերը աւելի տեսանելի են անոր միայնութեան մէջ, քանի որ արեւմտեան գերտէրութիւնները այն ժամանակ աւելի շատ կը մտահոգուէին իրենց ռազմավարական ջանքերով, քան հաւատակից եղբայրներու ճակատագիրով:

Գիրքը նուիրուած է 2015-ին վախճանած կաթողիկէ հայերու պատրիարք «Ներսէս Պետրոս 19-րդի վառ յիշատակին»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին