ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 7-ին պաշտօնական այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Հանրապետութեան Նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկավարութեան` Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի, Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Գլոտ Պարդոլոնի, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի, ինչպէս նաեւ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ:
Հայ-ֆրանսական բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ պիտի ստորագրուին երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու փոխգործակցութեան խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր: Փարիզի մէջ նախատեսուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հանդիպումները Ֆրանսայի գործարար շրջանակներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:
Նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ Լիոն` հանդիպում ունենալու Լիոնի քաղաքապետ Ժերար Գոլոմպի հետ:






