Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Պոլսոյ Մէջ Իսլամացուած Հայերուն Համար Կազմակերպուած Հայերէնի Դասընթացքը Մեծ Յաջողութիւն Ունեցած է

Պոլսոյ մէջ արդէն քանի մը ամիսէ յաջողութեամբ կը շարունակուի իսլամացուած հայերու մայրենի լեզուի դասընթացքը, որ նախաձեռնած էր Պէյրութահայ Օքսֆորտի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեանը:

Ամիսներ առաջ Հրակը յաջողեցաւ կազմաւորել իսլամացուած հայերէ բաղկացած մէկ առանձին խումբ, ուր կան նաեւ Մուշի, Սասունի, Ատափազարըի, Պինկէոլի մէջ մեծցած հայեր, որոնք տարիներ շարունակ հեռու գտնուած են Պոլսոյ հայկական համայնքէն, եկեղեցիէն եւ դպրոցներէն կամ որոշ պատճառներով աւելի ուշ տեղեակ եղած են իրենց ծագումին մասին կը գրէ «tert.am»-ը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու` հայկական դպրոցներու մէջ մայրենին սորվելու հնարաւորութիւնը փաստացի անհնար է` առաջին հերթին երկրի օրէնքներուն համաձայն: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն` երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն:

Ըստ Լոզանի պայմանագիրի երրորդ բաժինի 37-45 կէտերուն` կրօնական փոքրամասնութիւն համարուելու շնորհիւ հայերը իրաւունք ստացած են սորվելու իրենց մայրենին, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքեզները, լազերը եւ առհասարակ ոչ թուրք բոլոր մահմետականները:

Այսպիսով` Պոլսոյ մէջ գործող համայնքային հայկական դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ:

Փաստացի այս գործընթացէն դուրս կը մղուին նաեւ ալեւիացած եւ մահմետականացուած բոլոր հայերը, որոնց հայերէն սորվելու ձգտումին միակ բաց «պատուհանը» կը մնայ վերջին տարիներուն որոշ միութիւններու կամ անհատներու կողմէ նախաձեռնուող բաց դասընթացքները, որոնք աւելի առաջ կազմակերպուած են Տիգրանակերտի, Տերսիմի եւ Մուշի մէջ:

Շատ յաճախ այս դասընթացքները շարունակական բնոյթ չեն կրեր` նիւթական աջակցութեան բացակայութեան պատճառով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին