Gallup International Association-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան իրականացուցած հարցախոյզին մասնակցած 1146 քաղաքացիներուն 81 տոկոսը դրական գնահատած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գործելաոճը: Փետրուար 23-էն Մարտ 2 Հայաստանի տարածքին իրականացուած հետազօտութեան արդիւնքները լրագրողներուն ներկայացուցած է Gallup International Association-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը:
«Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Կարէն Կարապետեանի գործելաոճը» հարցումին քաղաքացիները պատասխանած են` լիովին դրական` 22,4 տոկոս, աւելի շատ դրական` 58,6 տոկոս, աւելի շատ բացասական` 9,9 տոկոս, ընդհանրապէս բացասական` 3,8 տոկոս:
«Ընդհանուր առմամբ 81 տոկոսը դրական կը գնահատէ վարչապետին գործելաոճը», – «Փանորամա»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Արամ Նաւասարդեանը` յիշեցնելով, որ Նոյեմբերին իրականացուած հարցախոյզին մասնակցածներուն մօտ 84 տոկոսը դրական գնահատած էր:
«Ինչպէ՞ս կը գնահատէք նոր ձեւաւորուած կառավարութեան կատարած աշխատանքը վերջին վեց ամսուան ընթացքին». հարցուածներուն 62,3 տոկոսը հիմնականօրէն դրական գնահատած է:
Ա. Նաւասարդեանը ըսած է, որ Կարէն Կարապետեանի` վարչապետ նշանակուելէն ետք հասարակութեան մէջ դրական սպասումներ կան եւ հարցախոյզին մասնակիցները պատասխանելով հարցումին, թէ «որքանո՞վ արդարացան դրական սպասումները կառավարման վեց ամսուան մէջ», 64,5 տոկոսը նշած է, որ դրական սպասումները արդարացուած են:
«Երեք ոլորտ, որոնց հիմնախնդիրներով պէտք է զբաղի Կարէն Կարապետեանը առաջին հերթին» հարցումին պատասխանած են` աշխատատեղերու ստեղծում, ընդհանուր տնտեսութեան խնդիրներ, փտածութեան խնդիրներ, առողջութեան, կրթութեան, արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներ:
«Կը ցանկա՞ք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Կարէն Կարապետեանը մնայ վարչապետ». հարցուողներուն 34,6 տոկոսը պատասխանած է` հաստատ այո, 47,6 տոկոսը` աւելի շատ այո, 6,2 տոկոսը` աւելի շատտ ոչ, 2,7 տոկոսը` հաստատ ոչ: «Ընդհանուր առմամբ քաղաքացիներուն 82,2 տոկոսը դրական պատասխանած է, որ Կարէն Կարապետեանը ընտրութիւններէն ետք վարչապետ մնայ»,- ըսած ան:






