Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

«Հայոց Լեռների Արքայ Կովկասեան Ընձառիւծ» Ցուցահանդէսը՝ Մեթրոփոլիթէնի «Երիտասարդական» Կայարանին Մէջ

WWF-Հայաստանը` «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի Մեթրոփոլիթէն» ՓԲԸ աջակցութեամբ՝ Մարտ 3­-ին բացումը կատարեց «Հայոց լեռների արքայ կովկասեան ընձառիւծ» խորագիրով ցուցահանդէս մեթրոփոլիթէնի «Երիտասարդական» կայարանին մէջ: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Հայաստանում կովկասեան ընձառիւծի պահպանութեան» ծրագիրի 15-­ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, որ կ’իրականացուի «Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղ»-ի` WWF-Հայաստանի կողմէն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած է WWF-Հայաստանէն:

2002-էն սկսեալ Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամը Հայաստանի մէջ կ’իրականացնէ այս կենդանատեսակի պահպանման ծրագիրը, որուն շնորհիւ կենդանին ոչ միայն վերադարձած է Հայաստան, այլ նաեւ արձանագրած է աճի դրական միտում: WWF-Հայաստանի «Կովկասեան ընձառիւծի պահպանութեան» ծրագրի համակարգող Արսէն Գասպարեան նշած է. «Ցուցահանդէսին նպատակն է բարձրացնել մարդոց իրազեկուածութեան մակարդակը մեր բնութեան զարդ հանդիսացող կովկասեան ընձառիւծին վերաբերեալ: Ամբողջ տարուան ընթացքին մենք մտադիր ենք իրականացնելու բազմաթիւ ձեռնարկներ, որոնք պիտի շարունակեն ներկայացնել ընձառիւծի նշանակութիւնը Հայաստանի բնաշխարհին համար»:

«Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի Մեթրոփոլիթէն» ՓԲԸ տնօրէնի տեղակալ Գէորգ Աւետիսեան նշած է. «Մեզի համար շատ հաճելի էր նախաձեռնութիւնը եւ ուրախութեամբ համաձայնեցանք աջակցելու ցուցահանդէսի կազմակերպման: Ընդհանուր առմամբ, Երեւանի մեթրոփոլիթէնը կը խրախուսէ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, որ ունի կրթական եւ մշակութային նշանակութիւն»:

Ցուցահանդէսին ցուցադրուած լուսանկարները կը ներկայացնեն ընձառիւծի հիմնական ապրելավայրերը, որս հանդիսացող կենդանատեսակները (բեզոարեան այծ, հայկական մուֆլոն, այծեամ եւ այլն), ինչպէս նաեւ պահպանութեան ուղղուած շարք մը ձեռնարկներ:

Մարտ 3-­ը վայրի բնութեան համաշխարհային օրն է, որուն նպատակն է բարձրաձայնել վտանգուած տեսակներու պահպանութեան կարեւորութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ:

Այս տարի օրուան կարգախօսն է «Լսէ՛ երիտասարդներուն ձայնը»` խրախուսելով մեր մոլորակի ապագայ առաջնորդ հանդիսացող եւ որոշում կայացնող երիտասարդները՝ պահպանելու վտանգուած վայրի բնութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին