2016 թուականի Յունուար-Դեկտեմբերին Հայաստանի տարածքին հիւրանոցային տնտեսութիւններու մէջ տեղաբաշխուած զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 979 968 մարդ: Խօսքը ՀՀ բնակիչներ համարուող ներքին զբօսաշրջիկներու մասին է:
ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ 2015 թուականի համեմատ անոնց թիւը աճած է 12.4%-ով: ԱՎԾ կը ներկայացնէ ներքին զբօսաշրջութիւնը ըստ նպատակի: Նախորդ տարի ունեցած ենք վերոնշեալ պատկերը:
Ասոնք կ’արտացոլացնեն տուեալներ` հիւրանոցներու, հիւրանոցատիպ հանգրուաններու, առողջարաններու, հանգստեան տուներու եւ այլն հաշուառուած զբօսաշրջիկներու վերաբերեալ։
Յիշեցնենք, որ ըստ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԶՀԿ) մեթոտաբանութեան` ներքին զբօսաշրջիկ կը համարուի ոեւէ անձ, որ կը ճամբորդէ իր հիմնական բնակութեան վայրի երկրի սահմաններուն մէջ:






