Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Երկրաշարժի Հետեւանքով Քանի Մը Գիւղեր Փոքր Վնասներ Կրած են. Արցախի Վարչապետի Մամուլի Քարտուղար

Երէկ` Մարտ 6-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով մարդկային կորուստներ եւ աւերներ չկան, ճանապարհները նոյնպէս չեն վնասուած:

Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է Արցախի Հանրապետութեան վարչապետի մամուլի քարտուղար Արտակ Բեգլարեանը: «Միայն կեդրոնին մօտիկ քանի մը գիւղի մէջ արձանագրուած են որոշ փոքր վնասներ, մասնաւորապէս` պատերու ճեղքերու յառաջացում կամ խորացում: «Իրավիճակը հանգիստ է, խուճապային տրամադրութիւններ չկան բնակչութեան մօտ»,- նշած է Բեգլարեան:

Նշենք, որ երէկ, տեղական ժամանակով ժամը 10:24-ին, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան երկրաշարժի պաշտպանութեան ծառայութեան երկրաշարժագիտութեան ցանցին կողմէ արձանագրուած է հիւսիսային լայնութեան 40.180 եւ արեւելեան երկայնութեան 46.360 աշխարհագրական տուեալներով (ԼՂՀ, Քարվաճառ քաղաքէն 28 քմ. դէպի հիւսիս-արեւելք), օճախի 10 քմ. խորութեամբ, 3.4 աստիճանով երկրաշարժ մը:

Ըստ ՀՀ ԱԻՆ տեղեկութիւններուն, ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կեդրոնական հատուածին վրայ կազմած է 4-5 աստիճան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին