Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Մենք Պիտի Դառնանք Տարածաշրջանի Ամենաապահով Երկիրը. ՀՀ Նախագահ

ՀՀ Նախագահ, ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանը ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկին։ «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ՝ Սերժ Սարգսեանն իր խօսքին մէջ նշած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կը սկսի իր քարոզարշաւը: Ոչ միայն մեր կուսակցութիւնը, այլեւ մեր ողջ երկիրն ու հասարակութիւնը կը մտնեն կարեւոր պատմական փուլ: Հայաստանի մէջ խորհրդարանական կառավարման համակարգ ձեւաւորելու գործընթացն արդէն իսկ մեր քաղաքացիներուն ձեռքն է:

Այսինքն՝ ձե՛ր ձեռքը, բարեկամնե՛ր: Եթէ այսօրուընէ տարբեր կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու համար դուք ընտրողներ էք, ինծի համար, այո՛, բարեկամներ էք, մարտական ընկերներ եւ գործընկերներ:

Ուրեմն տուէք ձեր ձայնը յանուն Հայաստանի անվտանգութեան եւ առաջընթացին: Ինծի համար, որպէս Հայաստանի կառավարող կուսակցութեան ղեկավար, բացառիկ կարեւորութիւն ունին այս ընտրութիւնները: Ամենակարեւորը՝ մեր քաղաքացիներու վստահութիւնն է արդիւնքներու նկատմամբ:

Մենք պէտք է կազմակերպենք այնպիսի ընտրութիւններ, որ ոեւէ մէկուն մէջ կասկածներ չյառաջանան ընտրութիւններու ազատութեան, թափանցիկութեան կամ ալ արդարութեան առնչութեամբ: Օրէնքի տառին եւ ոգիին համապատասխանող ընտրութիւնները պիտի ըլլան բոլորիս յաղթանակը՝ անկախ անկէ, թէ ո՞վ քանի քուէ կը ստանայ: Այդ մէկը կ’ըլլայ ազգի, պետութեան եւ հասարակութեան յաղթանակը: Համոզուած եմ, որ մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներս, պատրաստ ենք անոր: Մեր կուսակցութիւնը կը սկսի իր ընտրարշաւը պարզ կարգախօսով՝ «Անվտանգութիւն եւ առաջընթաց»:

Վերջին քսանհինգ եւ աւելի տարիները ինծի համար եղած են ծանր աշխատանքի եւ պատասխանատուութեան տարիներ: Այդ ճանապարհին ես կորսնցուցած եմ բազմաթիւ ընկերներ, որոնք իրենց կեանքը տուած են յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան: Եւ այսօր կ’ըսեմ ձեզի՝ չկայ աւելի կարեւոր ու կենսական բան, քան երկրի ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը: Մնացած ամէն ինչը վերականգնելի է: Կիսատ գործերը կարելի է աւարտին հասցնել, բացթողումները կարելի է լրացնել, սխալները կարելի է ուղղել, բայց անվտանգութեան պարագային չկան մանրուքներ, եւ իւրաքանչիւր ձախողում կրնայ ճակատագրական ըլլալ:

Մենք պիտի ապահովենք Հայաստանի եւ Արցախի յուսալի անվտանգութիւնը: Այսօր մեր սահմաններուն կանգնած է Հայաստանի, հայ ժողովուրդի ծաղիկը՝ մեր երիտասարդութեան սերուցքը, որ պիտի ապրի ազատ ու ժողովրդավարական Հայաստանի մէջ: Պիտի ապրի երկրի մը մէջ, որ ունենալու է մեծ յառաջընթաց: Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կառավարութեան խնդիրն է՝ ապահովել ու խթանել այդ յառաջընթացը: Կը Հաւատացնեմ ձեզ, որ մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացի տեսնելու է առաջընթացի դրական ազդեցութիւնը ամէն տարի, ամէն տարի զգալու է իր կեանքի որակի բարելաւումը:

Բարեկամնե՛ր,

Յիշեցէք, որ ոչ ոք միայնակ կրնայ շատ բան ընել: Մեր առջեւ կանգնած խնդիրներու լուծումները մենք գիտենք: Բայց լուծումները կը պահանջեն համազգային ջանքեր, կեդրոնացում եւ խելամիտ ու արդիւնաւէտ կառավարում: Եւ այդ լուծումները կը պահանջեն գործընթացները ճիշդ առաջնորդող ուժ: Այսօր այդ ուժը բարեփոխուող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնն է՝ իր կուռ կառոյցներով, իր երիտասարդացող շարքերով, իր կառավարման փորձով եւ վերջապէս, առաջընթացը մարմնաւորող իր վարչապետով: Մեր ընդդիմախօսներու եւ մրցակիցներու հանդէպ ունեցած ողջ յարգանքով հանդերձ՝ մենք՝ հանրապետականներս, կը հաւատանք, որ մենք կը յաղթենք՝ կը յաղթենք, որովհետեւ կը հաւատանք մեր երկրի ապագային, որովհետեւ կը հաւատանք մեր ժողովուրդի մեծ ներուժին: Վստահ եղէք, որ մենք դառնալու ենք տարածաշրջանի ամենաարդիւնաւէտ եւ ամենաարագ զարգացող պետութիւնը, դառնալու ենք տարածաշրջանի ամենաապահով երկիրը: Եւ մենք կը սկսինք մեր ընտրարշաւը, որպէսզի ձեզի հետ միասին մեր երկրի ու ժողովուրդի համար ապահովենք ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹՅՈՒՆ և ԱՌԱՋԸՆԹԱՑ: Շնորհակալութիւն»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին