Չորեքշաբթի, 28. 01. 2026

spot_img

Գողցուած Երաժշտութեամբ Աժան Երգչուհի… Սակայն Անբարոյականութիւնը Արգիլելով Կը Չքանա՞յ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Անկախ ունեցած սկզբունքային կեցուածքէս, որն է բացարձակ մերժողականութիւն այն ամէն բանին հանդէպ, որ հասարակութեան մը մշակոյթը կ’աղաւաղէ, կ’անբարոյականացնէ եւ արժէքները կը խաթարէ, խորապէս կը հաւատամ սակայն, որ արգիլումը, գրաքննութիւնն ու ճնշումը չեն որ առաջքը կ’առնեն վերոյիշեալ երեւոյթին:

Այսօրուան խօսքս անշուշտ կը վերաբերի լիբանանցի այսպէս կոչուած արուեստագիտուհի Միրիամ Քլինքի վերջին երգի տեսերիզին, որ աւելի քան աժան է բարոյական իմաստով: Սակայն իմ համեստ կարծիքով ինչ որ անկէ աւելի գէշ է՝ անոր շուրջ յարուցուած աղմուկն է՝ տեսաերիզը արգիլելով: Աւելի վտանգաւորն ալ այն է, որ հասարակութիւնը իրաւունք տալով պատկան իշխանութիւններուն կողմէ անոր արգիլումին, գրաքննութիւնն ու ճնշումը որպէս բնական երեւոյթ կ’ընկալէ… եւ կը քաջալերէ…:

Մինչ այդ վերոյիշեալ այսպէս կոչուած աժան երգչուհին հռչակ կը հետապնդէ, որուն հոգն ալ չէ, թէ այդ հռչակը դրական թէ բացասական միջոցով կը ստանայ, պատկան իշխանութիւններն ու հանրութիւնը այդ հռչակը ոսկէ պնակով մատուցեցին իրեն՝ իրագործելով իր հետապնդած «գերագոյն» նպատակը…:

Առաջին անգամը չէ, որ այս «երգչուհին» նման տեսերիզներով հանդէս կու գայ: Ոչ ալ իր տեսակին մէջ միակն է: Նման «երգչուհիներով» հարուստ ենք մենք համտըլլա: Իր ցուցադրածները միշտ ալ զբաղեցուցած է հանրութիւնը որոշ ատեն մը եւ ապա մարած: Այս մէկը, սակայն իր այսքան աղմկալից արգիլումով բաւական լուսարձակ ապահովեց՝ իր վրայ կեդրոնացնելով նոյնիսկ ոչ հետաքրքիրն ու ընդհանրապէս անտեղեակը:

Այս աժան երեւոյթին պետական մակարդակով այսքան կարեւորութիւն տալը եւ այսքան արագ հակադարձութիւնը կ՛արժէ՞ր արդեօք, երբ միւս կողմէ քաղաքացիին կենցաղային հարցերուն վերաբերող թղթածրարները, ինչպէս՝ ելեկտրականութիւն, սղութիւն, փտածութիւն,  եւայլն՝ այնքան կը յապաղին լուծումներ գտնելու..:

Այս աժան երգչուհիին անբարոյականութիւնը չի սահմանափակուիր միայն տեսերիզի մէջի սեռային տեսարաններով եւ մանուկի մը օգտագործումով: Շուտով ի յայտ եկաւ, որ մինչ յայտարարուած էր թէ անոր երաժշտութեան յօրինողը լիբանանցի մըն է, իրականին մէջ եղածը յօրինում չէ այլ բանագողութիւն, որովհետեւ երգին երաժշտութիւնը ընդօրինակուած է ալպանական երգէ մը…

Կը մնայ ամենակարեւորը: Երգարուեստի մակարդակի եւ մշակութային ու բարոյական արժէքներու անկումը սիրելի ընթերցող ըստ ինծի ճնշումներով, տուրքերով  եւ ստիպողական արարքներով չէ որ առաջքը կ’առնուի, այլ առողջ դաստիարակութեամբ եւ ճիշդ երաժշտութեան ճաշակի ուսուցողականութեամբ, որ կը սկսի տան մէջ, ապա տեղեկատուական միջոցներու եւ մետիայի միջոցաւ հասնելով մինչեւ դպրոց եւ ապա՝ հասարակութիւն:

Պատկան մարմիններ այս դաստիարակչական դաշտին վրայ է որ պէտք է կեդրոնանան, որպէսզի Միրիամ Քլինքի նման երեւոյթներ հասարակութիւնը ինքը մերժէ ընկալել, առանց գրաքննութեան կամ ճնշումի բանեցման ու տուգանքներու կարիքին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին